2017-01-10 09:35:00

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ նիւթը`''Քրիստոսի սէրը մեզ կը մղէ հաշտութեան''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ամէն տարի քրիստոնեայ աշխարհը Յունուար 18-25 երկարող ութօրէքը կը նուիրէ աղօթելու Քրիստոնեաներու միութեան համար։ Աշխարհի զանազան երկիրներու եկեղեցիներու եւ աղօթատեղիներու մէջ կը կազմակերպուին համամիութենական աղօթքներ ու հանդիպումներ։

Սոյն սովորութեան ծագումը վերագրուած է բողոքական եւ անկլիքան եկեղեցիներու պատկան երկու կղերականներու` անգլիացի Սփենսէր Ժոնսը եւ Ամերիկացի Փոլ Ժէյմս Ֆրանսիս Ուաթսոնը, որոնք 1907-ին սկիզբ տուած են սոյն աւանդութեան որ աւելի ուշ որդեգրուած է նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ եւ 1948-ին` ''Եկեղեցիներու միութենական խորհուրդի'' ստեղծումէն ետք դարձած է համամիութենական աղօթքի շաբաթ, որուն ընթացքին համայն քրիստոնեաները կ՛աղօթեն եկեղեցիներու միութեան ու անոնց դէպի Քրիստոս դարձի համար։

2017 տարուայ որպէս քրիստոնեաներու միութեան շաբթուայ նիւթ ընտրուած է Սուրբ Պօղոսի կորնթացիներուն ուղղուած երկրորդ նամակէն քաղուած հատուածը (Բ Կորընթացիք, 5, 14-20) ''Քրիստոսի սէրը մեզ կը մղէ հաշտութեան''։

Նշենք թէ Յունուար 18 եւ 25 թուականներու ընտրութիւնը առաջարկած է վերապատուելի Փոլ Ուաթսոնը 1908-ին, նկատի առնելով Սուրբ Պետրոսի գահին տօնը` 18 յունուարին եւ Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնը 25 Յունուարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.